Մեր մասին

Առաքելութիւն

Հայ Մշակոյթի Տունը կարեւոր դեր ունի Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ուսուցման, զարգացման եւ տարածման մէջ՝ ունենալով կապեր հաստատելու ջատագովը ըլլալու խոր կամք:

Հայ մշակոյթի յարակցութեան եւ շարունակականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող Հայ Մշակոյթի Տունը կեանքով լեցուն վայր մըն է, որ նորարար միջոցներով կը միացնէ սերունդները՝ տարբեր ձեռնարկներու եւ մշակութային հարուստ ծրագիրներու միջոցով եւ կը նպաստէ հայկական մշակոյթի տարածումին՝ այսօր եւ վաղը։

50 տարիէ ի վեր, Հայ Մշակոյթի Տունը եղած է այն վայրը, ուր Ֆրանսահայերու բազմաթիւ սերունդներ աճած ու ծաղկած են, մանուկ տարիքէն որպէս աշակերտ, կամ աւելի ուշ՝ չափահաս տարիքին։

Այս կեդրոնը յաճախած եւ յաճախող բոլոր փոքրերուն, ծնողներուն, նախկիններուն, կամաւորներուն եւ, համակիրներուն համար, Հայ Մշակոյթի Տունը եղած է կենդանի, ջերմ, համախմբող վայր մը, հրաշալի փեթակ մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կրնայ մշակել իր զոյգ ինքնութեան հետ կապը, հանդիպիլ տաղանդներու, քննարկել գաղափարներ, ժամանակ անցընել իր հարազատներուն հետ՝ մնալով անընդհատ կապի մէջ անցեալին, ներկային եւ ապագային հետ։

Հայ Մշակոյթի Տուն յաճախել կը նշանակէ նաեւ բացուիլ տեղական, նահանգային, ամբողջ Ֆրանսայի եւ նաեւ համաշխարհային ցանցերու՝ Միջին Արեւելքի հետ, Հայաստանի եւ բոլոր երկիրներուն հետ, ուր այսօր հայեր կ՚ապրին։ Այդ առիթ կ՚ընծայէ ներկայ գտնուելու զանազան ձեռնարկներու՝ երգահանդէսներու, նուագահանդէսներու, դասախօսութիւններու, գեղարուեստի ցուցադրութիւններու, գիրքերու ներկայացումներու եւ այլազան ու զանազան աշխատանոցներու։

«Կը բաւէ որ երկու հայ իրարու հանդիպին, ստեղծելու համար նոր Հայաստան մը»։
Ուիլիամ Սարոյեան

Պատմական

Պատմութեան հանդէպ յանձնառութիւն մը

1915-ի Ցեղասպանութենէն եւ ժամանակակից Թուրքիոյ ստեղծումէն ետք, տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներ կը հասնին Ֆրանսա։ Փարիզի հարաւ-արեւելքը, Ալֆորվիլի հայկական համայնքը կը ձեւաւորուի 1920-ական թուականներուն։ Հասնելէն անմիջապէս ետք անոնք գործի կը լծուին՝ հիմը դնելու զօրաւոր կռուանի մը՝ պահպանելու իրենց աւանդութիւնները, լեզուն եւ մշակոյթը։

Ցեղասպանութենէն ժառանգուած բնաջնջման անձկութեան վրայ ժամանակի ընթացքին կ՚աւելնայ ֆրանսական ընկերութեան մէջ ձուլման մտահոգութիւնը։ Այդ նպատակով՝ 6 Յունուար 1970-ին,  կը հիմնուի «Ալֆորվիլի Հայկական Մշակոյթի եւ Արուեստի Տան Ընկերակցութիւնը»։ Ներկայ կեդրոնի բացումը կը կատարուի Հոկտեմբեր 1976-ին, զօրակցութեամբ Ալֆորվիլի քաղաքապետ եւ հայկական հարցի մեծ ջատագով Ժոզէֆ Ֆրանչէսքիի: Երկրորդ բաժինը կը բացուի 2005-ին։