Հայկական աւանդական պար

ԲԱՆՈՒՄ

Դասապահերու տեւողութիւնն է՝ 1 ժամ, 1:15 կամ 1:30 համաձայն մակարդակի։

Աւանդական պարը ունի 14 խումբ, համաձայն տարիքի՝ փոքրեր, պատանիներ, չափահասներ, տարեցներ։

Աշակերտները ամէն տարի կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը տարեվերջի Կալային, Ալֆորվիլի հանդիսասրահէն ներս։

Որոշ խումբեր կը մասնակցին l’ile aux Cointre-ի «ՖեսթիվՀայ»ին կամ այլ ձեռնարկներու։Նորութիւն.- Քոչարիի դասընթացք փոքրերու եւ չափահասներու համար։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ՝

Արմէն Չիլոյեան.- պարուսոյց եւ բեմականացնող մեծ աղջիկներու խումբերուն, տղոց բոլոր խումբերուն եւ համադրում։

Քաթարինա Արզումանեան.- պարուսոյց եւ բեմականացնող, 4-էն 9 տարեկան երկսեռ խումբերուն, չափահասներուն եւ տարեցներուն։

Լէա Աքէլեան.- պարուսոյց Շաբաթ օրուան աղջիկներու խումբերուն։

Ալեքսանտրա Զիփսի.- պարուսոյց Չորեքշաբթի օրուան աղջիկներու խումբերուն եւ քոչարիի։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Չափահասներու եւ տարեցներու դասաժամեր՝ Հինգշաբթի

Փոքրերու եւ չափահասներու դասաժամեր՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ

Քոչարիի դասաժամեր՝ Չորեքշաբթի

ՏԱՐԻՔ

4 տարեկանէն սկսեալ (զարթնում)։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ունենան իրենց ամբողջական տարազը, ըլլան լուրջ եւ հետեւող իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն

Contact

Adresse
9, rue de Madrid
94140 Alfortville

Télephone
01 43 76 55 89
07 45 26 54 53

© 2025  MCA Alfortville   |  Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն