Մեր առաքելութիւնը

ՓՈԽԱՆՑԵԼ

ՓՈԽԱՆՑԵԼ

Աւելի քան տասնեակ մը գործունէութիւններ, մասնագէտ ուսուցիչներու կողմէ դասաւանդուող, կը նպաստեն հայկական մշակոյթի փոխանցման իր աւանդական թէ ժամանակակից մօտեցումներով։

ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ

ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ

Մշակութային զանազան ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնը շրջանի մշակութային դերակատարութիւն ունեցող հաստատութիւններու հետ առիթ կը ստեղծեն Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի տարածման։
ԴԱՇՆԱԿՑԻԼ

ԴԱՇՆԱԿՑԻԼ

Մտերմիկ եւ հիւրընկալ անկիւն մը բոլորին համար, ուր կը մշակուին զոյգ ինքնութիւններ, մտքերու փոխանակում եւ միութենական կեանք։

Մեր մասին

1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, Ֆրանսա հասան մեծ թիւով հայ գաղթականներ, յատկապէս Փարիզի հարաւ-արեւելեան արուարձանը՝ Ալֆորվիլ։ 1920-ական թուականներէն սկսեալ այս համայնքը ճիգ չխնայեց պահպանելու իր աւանդութիւնները, լեզուն եւ մշակոյթը դէմ դնելով ձուլումի վտանգին։ 6 Յունուար 1970-ին, հիմնուեցաւ «Ալֆորվիլի Հայկական Մշակոյթի Եւ Արուեստի Տան Ընկերակցութիւն»ը։ Ներկայ կառոյցը մարմին առաւ 1976-ին, շնորհիւ Ալֆորվիլի այդ օրերու քաղաքապետ՝ Ժոզէֆ Ֆրանչէսքիի նեցուկին, եւ երկրորդ հատուածի բացումը կատարուեցաւ 2005-ին։
Հայ Մշակոյթի Տան ամենօրեայ մարտահրաւէրն է փոխանցել եւ քաջալերել հայկական մշակոյթը Ֆրանսայի, յատկապէս Ալֆորվիլի եւ փարիզեան շրջաններէն ներս։ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի փոխանցում փոքրերուն, պատանիներուն, չափահասներուն եւ մանաւանդ ապագայ սերունդին։

Հայ Մշակոյթի Տունը կեանքի վայր մըն է, ուր տարբեր սերունդներու միջեւ կը ստեղծէ մշտանորոգ կապ մը եւ այս աւելի քան 50 տարիէ ի վեր, նորարար ձեւով։
Ինչ որ կը փափաքինք յառաջիկայ 50 տարիներուն համար այն է՝ կարենալ հիւրընկալել յաջորդ սերունդները աւելի լաւ կառոյցէ մը ներս, աւելի յարմարաւէտ պայմաններով, որպէսզի կարելիութիւնը ընձեռուի զարգացնելու այլ գործունէութիւններ եւս։ Նաեւ Հայ Մշակոյթի Տունը դառնայ ստեղծագործներուն նեցուկ հանդիսացող վայր մը, հայկական մշակոյթի ցոլացման ցուցափեղկ, Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթը զարգացնելու կամքով տոգորուած մարդոց համար, որոնք պիտի յաջողին զարգացնել զայն դարու նորութիւններով։

Ֆիլիփ Պառաւեան
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան ատենապետ

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն

Contact

Adresse
9, rue de Madrid
94140 Alfortville

Télephone
01 43 76 55 89
07 45 26 54 53

© 2025  MCA Alfortville   |  Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն