Դաշնամուր

ԲԱՆՈՒՄ

Դասապահերը կ՚ընդգրկեն 30 վայրկեան դաշնամուր եւ 40 վայրկեան սոլֆէժ (խազերգութիւն) պարտադիր։

Ուսուցման մակարդակը կը համընկնի երաժշտանոցի մէջ դասաւանդուած ծրագրին՝ Ծանօթացում 1 եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2

Պատրաստական 1 եւ 2 (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), Նախնական 1 եւ 2, Միջակ 1 եւ 2 եւ Ուսման աւարտի վկայագիր։

Աշակերտները ամէն տարի նուագահանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի 148 նուագահանդէսի սրահէն ներս։Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան դատակազմի մը դիմաց իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով, դատակազմը կազմուած է արտաքին ուսուցիչներէ (երաժշտանոց)։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ՝

Սոնա Գրիգորեան
Նայիրի Գալստանեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Դաշնամուրի դասեր՝ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի, Ուրբաթ, Շաբաթ
Սոլֆէժի դասեր՝ Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ

5 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ունենան իրենց պիտոյքները, ըլլան լուրջ եւ հետեւող իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։ Դաշնամուրի դասընթացքի մեծ թիւով դիմումներու պատճառով, արձանագրութիւնները սպասման ցանկի վրայ կ՚ըլլան յաջորդ տարուան համար (N+1, N+2…)։

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն

Contact

Adresse
9, rue de Madrid
94140 Alfortville

Télephone
01 43 76 55 89
07 45 26 54 53

© 2025  MCA Alfortville   |  Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն