Կը հաւատանք, որ ծրագիրներներու յաջողութիւնը պայմանաւորուած է հաւաքական աշխատանքով։
Հետեւաբար,այս էջը կը յատկացնենք Հայ Մշակոյթի Տան բարեկամներուն եւ գործընկերներուն, որոնք կ՚աջակցին մեր գործունէութեան եւ կը բաժնեն մեր տեսլականը։
Դարձէ՛ք Հայ Մշակոյթի Տան բարեկամ
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան նոր յանձնախումբը
Կը ցանկա՞ք նպաստել Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի զարգացմանը։
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տունը կը մեկնարկէ
«Հայ Մշակոյթի Տան բարեկամներ» յանձնախումբի կազմութիւնը,
որպէսզի իւրաքանչիւր մասնակից, իր ձեւով եւ իր կարելիութիւններուն համաձայն,
նպաստէ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի զարգացման եւ փոխանցումին:
Նպատակներ՝
Ձեր ժամանակի, մասնագիտութեան կամ կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ
օժանդակել Հայ Մշակոյթի Տան ծրագիրներուն, օրինակ՝
✓ Հաղորդակցութիւն եւ ձեւաւորում (design)
✓ Ձեռնարկներու եւ միջոցառումներու կազմակերպում
✓ Նոր արհեստագիտութիւններ
✓ Գործընկերներու փնտռտուք
✓ Ընկերային եւ միութենական կեանք
Ինչպէս նաեւ՝
ծրագիրներու աջակցութիւն, մարդկային պաշարներ եւ այլ անհրաժեշտ աշխատանքներ։