Դաշնամուր

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասերը կ՚ընդգրկեն 30 վայրկեան դաշնամուրի փորձ եւ 40 վայրկեան պարտադիր սոլֆէժ (խազերգութիւն)։

Ուսուցման մակարդակը կը համընկնի երաժշտանոցի մէջ դասաւանդուած ծրագիրին՝ Ծանօթացում 1 եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2, Նախապատրաստական 1 եւ 2 (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), տարրական 1 եւ 2, Միջակ 1 եւ 2 եւ ուսման աւարտի վկայագիր (CFE)։

Աշակերտները ամէն տարի հանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի «148» հանդիսասրահին մէջ։

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան դատակազմի մը դիմաց՝ իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով։ Դատակազմը բաղկացած է արտաքին ուսուցիչներէ (երաժշտանոց)։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ՝

Սոնա Գրիգորեան
Նայիրի Գալստանեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Դաշնամուրի դասեր՝ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի, Ուրբաթ, Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ՝

5 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է լուրջ եւ հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։ Դաշնամուրի դասընթացքի մեծ թիւով դիմումներու պատճառով, նոր արձանագրուողները սպասման ցանկի վրայ կը դրուին յաջորդ տարուան համար (N+1, N+2…) ։