Կիթառ

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասերը կ՚ընդգրկեն 30 վայրկեան կիթառի փորձ եւ 40 վայրկեան պարտադիր սոլֆէժ (խազերգութիւն)։

Ուսուցման տարբեր մակարդակներն են՝ Ծանօթացում 1 եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2,

Նախապատրաստական (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), Տարրական 1 եւ 2, Միջակ 1 եւ 2 եւ Ուսման աւարտի վկայագիր (CFE)։

Աշակերտները ամէն տարի հանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի «148» հանդիսասրահին մէջ։

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան արտաքին դատակազմի մը դիմաց՝ իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝

Կարէն Աճամեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Կիթառի դասեր՝ Երեքշաբթի
Սոլֆէժի դասեր՝ Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ՝

5 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է լուրջ եւ հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։