Տհոլ

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասի տեւողութիւնը 30 վայրկեան է եւ կը կատարուի պզտիկ խումբերով։

Ուսուցման տարբեր մակարդակներն են՝ Ծանօթացում 1եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2, Նախապատրաստական 1 եւ 2 (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), Տարրական 1 եւ 2, Միջակ 1 եւ 2 եւ Ուսման աւարտի վկայագիր (CFE)։

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան արտաքին դատակազմի մը դիմաց իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով։

Աշակերտները ամէն տարի հանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի «148» հանդիսասրահին մէջ, l’île aux Cointre-ի «ՖեսթիվՀայ»ին եւ յառաջացած աշակերտները կը մասնակցին տարեվերջի Կալային, որ տեղի կ՚ունենայ Ալֆորվիլի հանդիսասրահին մէջ։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝

Դաւիթ Վասակ Աբրահամեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Դասեր՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ՝

Չափահասներու եւ փոքրերու դասեր՝ 8 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է լուրջ եւ հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։