Հայ Մշակոյթի Տան վերամուտ
Արձանագրութիւնները կը վերսկսին Սեպտեմբերին։
Այս վերամուտին համար, Հայ Մշակոյթի Տունը ձեզի կ՚առաջարկէ հետեւեալ դասընաթցքները.
– Հայերէն․ սկսնակէն մինչեւ յառաջացած մակարդակ (նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական, համալսարանական, չափահաս), ինչպէս նաեւ օգնութիւն՝ տնային պարտականութիւններու համար։
– Արեւելահայերէն*․ բանաւոր լեզուի դասընթացք։
– Աւանդական պար․ 4 տարեկանէն սկսեալ տղոց եւ աղջիկներու, պատանիներու, չափահասներու եւ տարեցներու համար։
– Շուրջպար․ ամէն Չորեքշաբթի։
– Դասական եւ աւանդական երաժշտութիւն․ դաշնամուր, տհոլ, տուտուկ, փլուլ, շուի, զուռնա եւ քամանչա։
– Երգչախումբ*
– Ձեռարուեստ․ գծագրութիւն եւ նկարչութիւն։
– Բրուտագործութիւն․ փոքրերու, պատանիներու եւ չափահասներու համար։
– Ճատրակ
– Քունկ-ֆու եւ եոկա*․ դասաւանդութիւնը՝ հայերէնով։
* Նորութիւն 2026-2027
Կից կը գտնէք նաեւ այս տարեշրջանի ամբողջական պրակը եւ վերամուտի դասընթացքներու ցուցակը։
1) Արձանագրութեան թերթիկ
-Նոր անդամներուն համար ՄԻԱՅՆ.- տպել եւ ամբողջացնել արձանագրութեան կցեալ թերթիկը։ Ընտրել եւ տպել փոքրիկին թերթիկը (մինչեւ 18 տարեկան), կամ չափահասին, տպել եւ ամբողջացնել ընթեռնելի ձեռագիրով։
-Նախկին անդամներուն համար արձանագրութեան թուղթը արդէն Մշակոյթի Տան մէջ նախալրացուած է։
Նախապէս անդամագրուածներուն համար բաւարար է առնել ու ստուգել նշեալ թերթիկը եւ զայն ստորագրել։
2) Առողջութեան վերաբերեալ երկկողմ հարցարան՝ պարի, Քոնկ Ֆուի կամ Թայ Չիի բոլոր աշակերտներուն համար (նոյն փաստաթուղթը փոքրերու եւ չափահասներուն համար), տպել եւ ամբողջացնել այս տարեշրջանին համար (ամբողջացնել ամէն տարի)։
3) Անձնաթուղթի նկար՝ բոլոր անդամներուն համար պարտադիր
4) Վճարում՝ կանխիկ կամ քանի մը վճարագիրներով, մինչեւ տարեշջրանի աւարտը։ Առանց վճարումի թղթածրարը ամբողջական չի համարուիր։
Կից կը գտնէք նաեւ ներքին կանոնագիրը, ինչպէս նաեւ ցանկը պարի հագուստներու, զորս պէտք է ունենալ վերամուտին։
Ձեր տրամադրութեան տակ կը մնանք ե-նամակով, կամ հեռաձայնի միջոցով, եւ ձեզի կ՚ընդունինք նաեւ մեր կեդրոնէն ներս։
Դասերը պիտի սկսին Սեպտեմբեր կիսուն :
-Արձանագրութեան թուղթ՝ չափահասի համար
-Արձանագրութեան թուղթ՝ փոքրերու համար
– Առողջութեան վերաբերեալ հարցարան՝ պարի, Թայ Չիի եւ Քոնկ Ֆուի համար
-Ներքին կանոնագիր
– Պարի հագուստ աղջիկներուն եւ տղոց համար