Հայերէն լեզու

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասի տեւողութիւնը մէկ ժամ է։

Կայ դասաւանդման տարբեր մակարդակներ՝ նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական եւ չափահասներու դասեր։

Բոլոր մակարդակները ընդունելի են՝ սկսնակ, միջակ, յառաջացած։

Մեր նպատակն է հասնիլ պաքալորիայի համազօր մակարդակի՝ սպասելով, որ հայերէնը պաքալորիայի մէջ որպէս ընտրելի նիւթ պատրաստելու կարելիութիւնը ստեղծուի մեր կեդրոնէն ներս։

2004-էն սկսեալ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ հայերէնը կը դասաւանդուի նորարար ձեւերով՝ հիմնուելով նոր արհեստագիտութեան վրայ՝ համակարգչային դրութեամբ։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ՝

Վիլմա Գույումճեան Թաճիրեան
Սեւան Նազարեան Քիւրքճեան
Ծաւի Պիլալեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Չափահասներու դասեր՝ Երկուշաբթի, Երեքշաբթի
Նախակրթարանի դասեր՝ Չորեքշաբթի
Միջնակարգի, երկրորդականի եւ  նախապաքալէօրիա դասեր՝ Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ՝

6 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ունենան իրենց գրենական պիտոյքները եւ պէտք է լուրջ ու հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։