Քոնկ Ֆու

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասի տեւողութիւն՝ 45 վայրկեան, 1 ժամ, 1:15 ժամ կամ 1:30 ժամ։

Դասաւանդութեան լեզուն հայերէն է:

Մակարդակի բարձրացումը կը կատարուի տարեվերջին հետեւալ գօտիներուն համար. սպիտակ, դեղին, նարնջագոյն, կանաչ, կապոյտ, կարմիր, սրճագոյն եւ սեւ։

Քոնկ Ֆուն Հայ Մշակոյթի Տան մէջ կը դասաւանդուի հայերէնով, համաձայն ԱՊՊԱ-ի բարոյական սկզբունքին՝ «Առողջ Մարմին, Առողջ Միտք, Ազնիւ Հոգի» եւ դասաժամը կ՚ընդգրկէ նաեւ հայոց պատմութենէն եւ հայկական մշակոյթի մասին տեղեկութիւններու փոխանցում։

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին փոքրերը իրենց աշխատանքը կը ներկայացնեն «ՖէսթիվՀայի» եւ/կամ մակարդակի բարձրացման քննութեան ընթացքին։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝

Յարութ Արթիւր Պէրպէրեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Դասաժամ՝ Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ

ՏԱՐԻՔ՝

7 տարեկանէն սկսեալ փոքրեր, պատանիներ եւ չափահասներ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է իրենց տարազները ունենան եւ լուրջ ու հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։