Տուտուկ-Շվի-Փլուլ-Զուռնա

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասերը կ՚ընդգրկեն 30 վայրկեան տուտուկ (շուի-փլուլ-զուռնա) եւ 40 վայրկեան պարտադիր սոլֆէժ (խազերգութիւն)։

Ուսուցման տարբեր մակարդակներն են՝ Ծանօթացում 1 եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2, Նախապատրաստական 1 եւ 2 (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), Տարրական 1 եւ 2, Միջնակարգ Միջակ 1 եւ 2 եւ Ուսման աւարտի վկայագիր (CFE)։

Աշակերտները ամէն տարի հանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի «148» հանդիսասրահին մէջ, l’île aux Cointre-ի «ՖեսթիվՀայ»ին եւ յառաջացած աշակերտները կը մասնակցին տարեվերջի Կալային, որ տեղի կ՚ունենայ Ալֆորվիլի հանդիսասրահին մէջ։

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան արտաքին դատակազմի մը դիմաց՝ իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝

Արթիում Մինասեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Դասեր՝ Երկուշաբթի
Սոլֆէժի դասեր՝ Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ՝

10 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է լուրջ եւ հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։