Հայկական աւանդական պար

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասերու տեւողութիւնն է՝ 1 ժամ, 1:15 ժամ կամ 1:30 ժամ, ըստ մակարդակի։

Աւանդական պարը ունի 14 խումբ, ըստ տարիքի՝ փոքրեր, պատանիներ, չափահասներ, տարեցներ։

Աշակերտները ամէն տարի կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը Ալֆորվիլի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցող տարեվերջի Կալային։

Կարգ մը խումբեր կը մասնակցին l’île aux Cointre-ի «ՖեսթիվՀայ»ին կամ այլ ձեռնարկներու։

Նորութիւն.- Քոչարիի դասընթացք՝ փոքրերու եւ չափահասներու համար։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ՝

Հայկ Մարտոյեան – ուսուցիչ, պարուսոյց՝ մեծ աղջիկներու խումբերուն եւ տղոց բոլոր խումբերուն։

Լիւսի Քոսեան  – Մեծ աղջիկներու խումբի պարուսոյց :

Դանիէլ Սոմոնեան- փորձավար :

Քաթարինա Արզումանեան. – ուսուցիչ եւ պարուսոյց՝ 4-էն 9 տարեկան երկսեռ փոքրերու խումբերուն, չափահասներուն եւ տարեցներուն։

Լէա Աքէլեան. – պարուսոյց շաբաթօրեայ եւ Չորեքշաբթի օրուան աղջիկներու խումբերուն, ինչպէս նաեւ քոչարիի աշխատանոցին։

Ալեքսի  Տէր Գալուստեան _ պարուսոյց՝ 8-12 տարեկան տղոց :

Գարլա  Քիւմրեան-  պարուսոյց՝ 10-12 միջակ աղջիկներու :

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Չափահասներու եւ տարեցներու դասեր՝ Հինգշաբթի

Փոքրերու եւ չափահասներու դասամեր՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ

Քոչարիի դասեր՝ Չորեքշաբթի

ՏԱՐԻՔ՝

4 տարեկանէն սկսեալ (զարթնում)։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ունենան իրենց ամբողջական տարազը, ըլլան լուրջ եւ հետեւողական իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։