Նորութիւններ

Մեր Առաքելութիւնը

ՓՈԽԱՆՑԵԼ

ՓՈԽԱՆՑԵԼ

Նպաստելու համար հայ մշակոյթի փոխանցումին՝ աւանդական եւ ժամանակակից մօտեցումներով աւելի քան տասնեակ մը դասընթացքներ կը մատուցուին մասնագէտ ուսուցիչներու կողմէ:

ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ

ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ

Մշակութային այլազան ձեռնարկներ եւ շրջանիս մէջ գործող հաստատութիւններու եւ մշակութային միութիւններու հետ գործակցութիւնները կը նպաստեն հայ մշակոյթի տարածումին Ֆրանսայի մէջ։
ԴԱՇՆԱԿՑԻԼ

ԴԱՇՆԱԿՑԻԼ

Ջերմ եւ հիւրընկալ տարածք մը, ուր ամէն հայ առիթը կ՚ունենայ իր զոյգ ինքնութիւնը մշակելու, միտքեր փոխանակելու եւ միութենական կեանք ապրելու։

Մեր մասին

1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Ֆրանսա հասան մեծ թիւով հայ գաղթականներ, յատկապէս Փարիզի հարաւ-արեւելեան արուարձանը՝ Ալֆորվիլ։ 1920-ականներէն ի վեր, այս համայնքը ճիգ չէ խնայած պահպանելու իր աւանդութիւնները, լեզուն եւ մշակոյթը՝ դէմ դնելով ձուլումի վտանգին։ 6 Յունուար 1970-ին, հիմնուեցաւ «Ալֆորվիլի Հայկական Մշակոյթի Եւ Արուեստի Տան Ընկերակցութիւն»ը։ Ներկայ կեդրոնը կառուցուեցաւ 1976-ին, շնորհիւ Ալֆորվիլի այդ օրերու քաղաքապետ՝ Ժոզէֆ Ֆրանչէսքիի նեցուկին, եւ երկրորդ մասնաշէնքի բացումը կատարուեցաւ 2005-ին:

Հայ Մշակոյթի Տան ամենօրեայ մարտահրաւէրն է փոխանցել եւ քաջալերել հայկական մշակոյթը Ֆրանսայի, յատկապէս Ալֆորվիլի եւ փարիզեան շրջաններէն ներս։ Տունը կը նպատակադրէ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի փոխանցում՝ փոքրերուն, պատանիներուն, չափահասներուն եւ մանաւանդ ապագայ սերունդին։ Հայ Մշակոյթի Տունը կեանքով լեցուն վայր մըն է, որ տարբեր սերունդներու միջեւ կը ստեղծէ մշտանորոգ կապ մը եւ այս կը կատարէ աւելի քան 50 տարիէ ի վեր, միշտ նորարար ձեւերով։ Յառաջիկայ 50 տարիներուն համար մեր տեսլականն է ունենալ բարելաւուած կառոյց մը` աւելի յարմարաւէտ պայմաններով, հիւրընկալելու յաջորդ սերունդները եւ մշակելու այլ ծրագիրներ եւ դասընթացքներ եւս։ Կը ձգտինք նաեւ, որ Հայ Մշակոյթի Տունը դառնայ ստեղծագործողներուն նեցուկ հանդիսացող վայր մը, ուր կ՚արտացոլուի հայ մշակոյթը՝ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթը զարգացնելու կամքով տոգորուած մարդոց համար, որոնք պիտի յաջողին զարգացնել զայն դարու նորութիւններով։
Ֆիլիփ Պառաւեան
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան ատենապետ